Читать книгу Թէոդորոս Ռշտունի - იაკობ ცურტაველი - Страница 2

ԳԼՈՒԽ Բ

Оглавление

Սուրէն Կամսարական քառասնամեայ անձ մ՚էր, թիկնաւէտ, յաջողակ զէնքերու մէջ, կորովի ձեռոք եւ մտօք ինք. Կամսարական զարմին ամենեն փոքր եղբայր լինելով եւ անզաւակ, եւ իւր կինը կորսնցնելով` որ շատ կը սիրէր, գրեթէ թողած էր հայրենի տունը Շիրակ, եւ իւր քրոջ Բիւրեղի վրայ մեծ սէր ունենալով նրա հետ կը բնակուէր Կոգովփտ: Բայց քանի որ Գրիգոր կը մեծնար, իւր` Գրիգորի վյրայ սէրն էլ օրաւուր կը մեծնար: Գրիգոր հանդարտ եւ խելօք էր բնաւորութեամբ, իւր հօրը` Դաւիթ Մամիկոնէի պէս, որ տկար եւ հիւանդոտ լինելով չունէր հայ նախարարաց այդ ընդհանուր եղած զուարճութեանց, որսի, պատերազմի, մականախաղի, պերճութեան եւ անառակութեան սէրը, այլ ընհակառակն իւր մտաւոր կարողութիւնքը մշակելով` ուսմանց եւ գիտութեանց սէր ունէր: Նա նոյնը իւր զաւկին հաղորդէր էր: Վարդանաբերդ հայերէն եւ յունարէն գրոց հարուստ մատենադարան մը ունէր, եւ Մամիկոնեան իշխանին միմիայն ուրախութիւնն էր եւ մխիթարութիւն տեսնել իւր Գրիգոր վարժ եւ յաջողամիտ. ժամանակին գիտութեանց մէջ տարիքեն յառաջադէմ: Իւր պալատը միշտ լեցուն էր գիտնական վարդապետներով եւ աշխարհահած ճամփորդներով. եւ Գրիգոր ուշի-ուշով մտիկ կ'ընէր ամէն խօսակցութիւն, որ նոր էին իրեն համար եւ միտքը կը զօրացնէին: Թէպէտ ծնողքը գոհ էին իրենց զաւկին մտաւոր զարգացմանեն, բայց նոյնը կարելի չէր զրուցել Սուրէնի համար, որ երբ Դաւիթ հոն չէր, կը մտնէր Գրիգորի սենեակը եւ յափշտակելով գրքերն առջեւեն, «Մամիկոնեան պատանուոյ մը համար շատ է եւ բաւական ինչ որ գիտես, քիչ մ՚էլ ուրիշ մարզերու նայինք» ըսելով` սուսերամարտութեան, նիզակախաղութեան եւ ձիամարզութեան կրկնութիւններ ու կը զբաղեցնէր, առանց ուշ դնելու իւր քրոջ դիտողութեանց. շատ անգամ որսի տանելով հետը լեռներ, սարեր, ձորեր հետի կը քալցնէր, եւ երեկոյին, երբ Գրիգոր յոգնած, դադրած, տուն կը դառնար գրեթէ անկարող շարժուելու, ինք Սուրէն առաջինն էր նրա ծնողաց ըսելու թէ «Ահա այսպէս Վարդաններ եւ Վահաններ կը զարգանան եւ կը հասնին, եւ ոչ գրքերու առաջ ժամեր անցնելով»: Իսկ Դաւիթ, որ կը տեսնէր թէ տղան օրաւուր կը զօրանար այդ մարմնամարզութենեն ժպտելով կ'ըսէր. Սուրէն եւ ես առանձին կատարեալ մարդ չենք, ես կարող միտք միայն եմ, նա կարող մարմին միայն է. աստուած տա, որ Գրիգոր երկուքն էլ ունենա:

Սուրէն զօրաւոր կազմուածքի տէր եւ անխռով միտք, վասնզի ներկան` օրը եւ ժամը միայն կը մտածէր սովորաբար, որ ոչ Թէոդորոսի պէս ազգին չափազանց սիրահարն էր, եւ ոչ Գրիգորի պէս Ռշտունեաց Օրիորդին, անկողին եւ քուն մտաւ միանգամայն, եւ երբ արշալոյսին հետ արթնացաւ, դիմեց դահլիճը, տեսաւ, որ Թէոդորոս արդէն չի կար: Սպասաւոր մը թուղթ մը տուաւ իրեն, որ չի լուսացած` սուրհանդակ մը բերած էր Թէոդորոսի, եւ որովհետեւ հրաման էր ո՛ր ժամանակ լինէր ամէն լուր իրեն հաղորդել րոպէին, թիկնապահքը մտէր էին սենեակը եւ աւէր էին թուղթը. Թէոդորոս շուտ մը սպառազինեալ հեծէր էր երթալու եւ Սուրէնի սպասաւորաց մէկուն տալով իր ընդունած թուղթը, մեկնէր էր: Սուրէն կարդաց այդ համառօտ նամակր. – Ատոմ Շահունի առ Թէոդորոս Ռշտունի. «Գիտութիւն լիցի, Հայոց զօրավար, որ յունաց բանակը կը մտնէ մէկ կողմէ, իսկ արաբր երկու զունդ բաժնուած, մէկը Երասխ անցէր է ի Նախջուան, միւս Արտազ մտէր է»:

Վայրկեան մը մտածեց Սուրէն եւ գնաց զգեստները հագաւ, երբ Գրիգորի ուղղուեցաւ` տեսաւ քոյրը, որ զինքը դիմաւորեց, եւ քաղցր ժպտով երկու ձեռները տարածելով` թող չի տալով, որ առաջ անցնի`

– Ո՛չ, – ըսաւ, – Գրիգորը թող որ հանգչի:

– Բայց դու չես գիտէր, որ Թէոդորոս գնացեր է արդէն:

– Ինչպէ՜ս չեմ գիտէր, ես տեսայ նորա երթալը. բայց իմ զաւակս Հայոց զօրավար չէ, պէտք է որ հանգչի` քուն լինի եւ այս տարիքին մէջ զօրանայ:

– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը՛, – գոչեց Սուրէն. – եթէ ձեզի թողուի տղան ճգնաւոր, վարդապետ, շատ-շատ թուլամորթ կաթողիկոս մը պիտի րնէիք… Գիտե՞ս ի՜նչ ժամանակի մէջ ենք, գիտե՞ս թէ վաղր ի՞նչ կրնայ հասնիլ գլուխնիս, ո՛չ դու միայն այն կը մտածես թէ Գրիգոր աչքեդ չի հեռանայ, անհանգիստ չլինի, իւր ամէն կամքը կատարուի: Բայց ես կը մտածեմ, որ Գրիգոր իր խելքով, իր գիտութեամբ ոչ միայն Վարդանաբերդ նստի, Կոգովիտ եւ Բագրեւանդ կառավարէ մօրը պէս եւ մօրը պէս գոհ ընէ այդչափ ով զամենքը` նաեւ Թէոդորոս Ռշտունին, այլ ես կ'ուզեմ, որ լինի աւելի քան այս Ռշտունեաց Տէրը թէ հոգուով եւ թէ մարմնով, ես կուզեմ…

– Գիտեմ քու ամէն զրուցելիքներդ, շատ իրաւունք ունիս, բայց դու այնչափ բարձր կը խօսիս, որ Գրիգոր կրնայ զարթնուլ, ե՛կ իմ սիրելի եղբայրս, եւ ինչ որ պիտի խօսիս իմ սենեակս խոսէ:

Այս ըսելով այդ գեղեցիկ կինը առաւ քաղցր բռնութեամբ եղբօրը ձեռքը եւ տարաւ սենեակը նստէուց. դիմացը կանգնելով եւ ձեռքերը կուրծքին վրայ ծալլելով:

– Հիմա հոս զրուցէ՛ ինչ որ կ'ուզես, բոլոր ուշս քեզի է, – ըսաւ ժպիտը միշտ շրթունքներուն վրայ:

– Ժպտելու ժամանակ չէ, քոյրիկ: – պատասխանեց Սուրէն ձեռքի թուղթը ցցելով եւ կարդալով նամակին վերջի խօսքերը:

– Եթէ յունաց բանակը Բագրեւանդ կը մտնէ` կը նշանակէ թէ մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եթէ Թէոդորոս կը շտապէ եւ կանուխ կը վազէ կ'երթայ կը նշանակէ թէ նախջուանայ կողմը մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եւ այս բանիս համար պէտք է որ ժպտի՞լն էլ արգիլուի:

– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը, – կրկնեց Սուրէն: – Այդ խօսքերով կարծեցիր թէ ինձ պատասխա՞ն տուիր: Այսպիսի վիճակի մէջ բաւակա՞ն է ըսել թէ Թէոդորոս գնաց արաբաց դէմ, եւ մենք պէտք է ոտքերնիս, ձեռքերնիս արածենք անհոգ, անպիտան, դանդաղ նստինք: Այդ մարդր` այդ Թէոդորոս երբ «այդ թուղթը Սուրէնի տուէք» կըսէ, այն կ'իմանայ, որ Սուրէն պէտք է շարժի, առնու Մամիկոնեանց զաւակը եւ դիմէ հոն, ուր արաբր կ'արշաւի, թումբ լինելու համար այդ սոսկալի թշնամուոյն դէմ, որուն առաջ ոչ բաւական ամրութիւն կայ եւ ոչ նուիրական բան մը աշխարհքիս վրայ:

– Բայց այդ Մամիկոնեանց շառաւիղը դեռ տասնեօթ տարու պատանի մ՚է, յոգնած` նոր ճամփէ եկեր է, կէս-գիշերն անցած հազիւ անկողին մտէր է, իւր տարիքին մէջ օրէնք չէ, որ այդ կատաղի գազանաս դէմ հոգին եւ մարմինը վտանգի դնէ եւ իւր հօր տան ծուխը մարէ:

– Շատ կ'ուզէի, որ այս խօսքերը Թէոդորոսի անգամ մը զրուցէիր…

– Ի՞նչ գաղտնիք կամ ամօթ կայ այս խօսքերուս մէջ, որ չի կարէնայի զրուցել. կարծեմ Վարդ երէկ իրիկուն հօրը հետ մէկտեղ չէր եւ չեմ կարծէր թէ վարը զօրականաց հետ ընթրեց, եւ հայրը բռնի մօրը գրկեն առաւ որդին արաբաց դէմ պատերազմելու կամ թումբ շինելու համար:

Այս խօսքերուն երբ Սուրէն սրտնեղութեամբ բերանը բացաւ պատասխանելու, Բիւրեղ առանց ժամանակ տալու «Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը», – գոչեց ծիծաղելով եւ նոյն րոպէին փոքրիկ ոտնաձայն մը լսելով սենեակին մէջ ետին դարձաւ եւ գեղեցիկ վեց տարեկան աղջիկ մը Սուրէնի գիրկը դրաւ. իսկ Սուրէն այդ սիրուն տղեկը գրկին մէջ սղմելով եւ համբոյրներով ծածկելով.

– Սիրո՜ւն, աննման Արփենի, – կ'ըսէր, – ահա՛ կանանց ամենեն լաւը դու ես, երբ մեծնաս` սա մայրիկեդ աւելի խելօք պիտի լինիս, ջանաս, որ քու զաւակներդ թուլամորթ, հոյլ դանդաղ չլինին…

– Ո՛չ, ո՛չ այսպիսի զրպարտութիւն զաւկիս համար չեմ ընդունիր, – եւ դռան մէջ տեսնելով որդին, – լաւ ժամանակին կը հասնիս, Գրիգոր, քեռուոյդ պատասխան տուր եւ հասկցու իրեն թէ ոչ թուլամորթ, ոչ հոյլ եւ ոչ դանդաղ ես:

– Իմ փափագս ալ այն է, որ ինձ իմացնէ Գրիգոր թէ ինք ըսածներուս բոլորովին հակառակ ժիր, գործունեայ, եռանդուն է, եւ գիտէ ժամանակին առնուլ իւր զէնքերը, ազգի, կրօնքի եւ հայրենի իրաւանց վրայ պատերազմիլ:

– Եթէ դոքա վտանգի մէջ են ո՜ր մարդ կրնայ առանց վատութեան դրոշմր ճակտին կրելու փախուստ տալ այդ պարտաւորութենեն, – ըսաւ Գրիգոր ծանրութեամբ, եւ առաջ անցնելով առաւ իւր գիրկը Արփենին, որ իւր փափկաթոյր թեւերը եղբօր վզին փաթաթելով, ուրախութեան համբոյրներով եւ տարիքին յարմար խօսքերով կը պատասխանէր այս գրկախառնութեան:

Իսկ Բիւրեղ անգամ մը այդ տեսարանին լռելեայն աչք ձգելեն վերջ` լռելեայն դուրս ելաւ, որպէսզի ոչ եղբայր եւ ոչ զաւկները տեսնեն իւր արտասուքը:

Կաթիլ մը արտասուք շատ անգամ այնչափ գաղտնիք կը պարունակէ, որ յանձնապաստան եւ յիմար մարդ մը ոչ կը զգայ եւ ոչ կրնայ իմանալ, իսկ խոհուն մարդուն համար մտածութեան նիւթ մ՚է: Այդ կինը` երիտասարդ, գեղեցիկ, քաղցր, զգայուն, որ իր եղբօ՞ր հետ ոտն առ ոտն կը կռուէր եւ կուզեր հեռացնել ամէն վտանգ որդուոյն գլխեն, ոչ միայն պաշտպան, յոյս, ժառանգ անձին, զաւկներուն եւ երկրին կը տեսնէր այդ տղուն վրայ, այլ նաեւ իւր հօր կենդանի յիշատակն էր իր աչքին, անցեալ երջանիկ օրերու, որ չեն դառնար, երբ անգամ մը սրանան հեռանան, եւ մարդս իր երեւակայութեան մէջ անոնք կուզէ բերել, դարձնել, մեռածը կենդանացնել, այդ արտասուքը այդ փափագներուն վկաներն էին: Իսկ Սուրէն, որ սուր աչք ունէր բայց մէկ մասը միայն կը տեսնէր այդ արտասուաց, կրկնեց ինքնիրեն ինչ որ սովոր էր զրուցել իւր քրոջ համար. Ահա՛ կանանց ամենեն լաւը:

Նոյն միջոցին Գրիգորի միւս քոյրն էլ Նազէնիկ եկաւ, եղբօրը հետ գրկուեցաւ. գրեթէ հասած աղջիկ մը գեղեցիկ, գողտր, դեղձան մազերով, նուաղեալ աչքերով քաղցր տխրութիւն մը երեսին վրայ տարածեալ: Հաճելի էր տեսնել պատանին, որ դեռ երիտասարդութեան չէր հատսած եւ հօր մը ժպիտով կը նայէր իւր քերց վրայ եւ կը գուրգուրար:

Ընտանիքն ամէնքը միաբան իջան նախաճաշն ընելու, Սուրէն լուռ էր, վասնզի չէր ուզէր իւր քոյրը տխրեցնէի Գրիգոր երբեմն կը խոսէր, բայց Արփենին միշտ նիւթ կը գտնէր խօսելու եւ հարցնելու: Սեղանատունեն վար կ'երեւար գեղեցիկ փոքրիկ լիճը արծաթի սկաւառակի մը պէս, մակոյկ մը լճակը կապուած իբր թէ կը հրաւիրէր պտոյտ ընելու ծառազարդ եւ ծաղկազարդ ափանց վրայ. բայց ոչ ոք այդ մտածութիւնը չունէր. Սուրէն առաջինն ելաւ սեղանեն` նոյնպէս ամէնքը, եւ Արփենի ամենեն վերջ, միայն նա էր, որ չէր զգար թէ սպառնալից փոթորիկ կար օդին մէջ:

Խեղճ մայր, գիտէր, որ զաւակն իրմէ պիտի բաժանուէր, եւ այս անգամ ինք չէր, որ կ'ուղարկէր, այլ ստիպող յարկը` մահահոտ պատերազմի շռինդն էր, որ իր գրկեն կը կորզէր իր միմիայն յոյսը: Ուստի կորագլուխ անձայն զոհի պէս տեսաւ նորա սպառազինիլը, այլեւս արտասուք չի կար աչքերը, վասնզի սիրտն էր, որ կուլար, եւ երբ սանդուխին դուռն որդուոյն ձեռքերն եւ երեսները համբուրեց եւ ինք աչքերը գոց երկայն գրկախառնութիւն մ՚ըրաւ, մէկը չէր կրնար որոշել աղօ՞թք էր թէ գրկախառնութիւն:

Քսանի չափ հեծեալ սպառազէնք Գրիգորի կը սպասէին, երբ նա էլ հեծաւ եւ առանց գլուխը դարձնելու ելաւ բերդին դռնեն դուրս Սուրէնի ետեւեն.

– Զաւէ՜ն, Զաւէ՜ն, – կանչեց ներդաշնակ ձայն մը վերեն:

Մեզ ծանօթ անձնապահապետը դարձեալ մտաւ, եւ տեսնելով թէ Տիկինը չի խօսիր, իջաւ ձիեն, ելաւ սանդուխն երէն վեր:

– Զաւէ՛ն, քեզի նեղութիւն տուի, բայց մօր մը տկար սրտին ներէ. աւելորդ է քեզի յանձնել, բայց խնդրեմ հսկէ զաւկիս վրայ, – ըսաւ Տիկինը:

– Ո՜հ իշխանուհի, առանց իշխանիկին հաւտա՛ թէ Զաւէն աչացդ չերեւար:

– Աստուած հետերնիղ լինի… – կրցաւ միայն զրուցել խեղճ կինը եւ գլուխը դարձուց դէպի դուռը. էլ չէր կարող: Շտկուեցաւ դէպի եկեղեցին եւ հոն իւր վիրալից մայրենի սիրտը տարածեց ստեղծողին` միմիայն մխիթարիչ ցաւերու:

Ծեր զինուորը մօր մը այս կերպարանքին չի կրցաւ դիմանալ, գլուխը շարժէլով, աչքերը սրբելով հեծաւ եւ մտրակեց եւ փոշուոյ ամպի մէջ անհետացաւ եւ հասաւ խումբին, որ լռութեամբ իր ընթացքը կը շարունակէր, մինչեւ հասաւ Վարդանակերտ:

Սուրէն, որ մինչեւ այն ժամանակ բերանը չէր բացած, ցցուց հեռուանց Գրիգորի ծեր զօրավար մը, որ աւանին հողապատնէշներուն դուռը կեցած զիբենք կը դիտէր. «Տե՛ս, – ըսաւ, – սա ծերը Թէոդորոսի տեղապահ եւ մեծ բարեկամն է. սա է, Ատոմ Շահունի, երկիւղ երթէք չէ գիտցել թէ ի՞նչ է, մահն արհամարհել իրեն բնութիւն է դարձել, հիմա որ վաթսունն անց է, պատերազմի մէջ երիտասարդէ լաւ կը կռուի, կարող է խարդախութիւն մը, սուտի մը համար իր զաւակն սպաննել. կարծեմ թէ իւր ծիծաղը ոչ ոք տեսած չէ, երբ մօտենանք եւ զինքը դաժան տեսնես մի՛ զարմանար, բացի Թէոդորոսէ ոչ ոք համարմունքի արժանի չի սեպեր, եւ շնորհք է եթէ չարհամարհէր»:

Եւ իրօք, երբ մօտեցան, ծեր զօրավարը հազիւ թէ ընքուիների թեթեւ շարժմունքով բարեւ մը առաւ, իւր արձանի դիրքը ամենեւին չի Փոխեց: Իսկ Սուրէն, որպէսզի կարէնայ զինք խօսեցնել, նոյն Ատոմի առ Թէոդորոս դրած թղթիկը ցոյց տալով, հարցուց թէ ո՞ւր էր Հայոց զօրավարը:

– Այս նամակն ո՞վ քեզ տուաւ, Կամսարական, – ըսաւ դաժան ծերը:

– Այս առաւօտ ինձ տուին իշխանին կողմեն:

– Դուք քնած էիք, երբ նա հոս էր, – զրուցեց ծերը խստութեամբ, եւ իբրեւ թէ ինքնիրեն խօսելով, – այս է ահա մեր իշխանաց եւ իշխանազանց սովորութիւնը, ամենեն լաւերը քուն կը լինին, երբ գործելու ժամանակ է, իսկ վատերը մեծ շնորհք կ'ընեն եթէ մատնիչ չլինին եւ թշնամուոյն չառաջնորդեն:

– Կարելի՞ է, Ատոմ իշխան, մեզ իմացնես թէ որո՞նք են թշնամուոյն առաջնորդողք:

Այս խօսքին ծերը պատասխան նաեւ չի տալով`

– Հայոց զօրավարը, որ այս թուղթը քեզի թողէր է, ըսել կուզէ, որ երթաս զինքը յունաց բանակը գտնեմ, տէ՛, գնա՛, մի՛ դանդաղիր, տե՛ս, ինձ էլ պատվփրեց զօրքը պատրաստի ունենալ, – ըսաւ եւ ձեռքով ցցուց զօրքը, որ պատրաստ զէնքի վրայ կանգնած կը սպասէին:

Եւ այս խօսքերը զրուցելով կռնակը դարձուց բոլորովին:

Իսկ Սուրէն առանց խօսելու հեծաւ ձին եւ սկսաւ շարունակել իւր ճամփան, երեւակայելով թէ տեղեկութիւն հարցնել յունաց բանակին համար այդ քաղցր ծերուն աւելորդ եւ չափազանց հետաքրքրութիւն պիտի թուեր եւ մեծ յանդիմանութեան առիթ, իր ծիծաղը սանձելով կը շտապէր աոաջ անցնելու: Իսկ Գրիգոր, երբ հազիւ քիչ մը հեռացան` քրքիջ բարձրացնելով հետեւեցաւ քեռուոյն մինչեւ մատեցան Վաղարշակերտի, եւ յունաց բանակը երեւցաւ:

Թէոդորոս Ռշտունի

Подняться наверх